Harutin » 31 окт 2010, 00:24
Ամանոր
Մենք այս գիշեր նորէն դիտակ մը առած
դէպի երկինք կը նայինք-
աստղերն այնքան կը խոշորնան, որ մէկէն
մենք զմեզ հոն-կամ անոնք հոս կը կարծենք
Քաղաքակիրթ մարդու պիտակ մը առած
չենք զիջանիր մտերմանալ-ամէն աստղ
դեռ բարբարոս կը կարծենք
Մեր այլամերժ դաւանանքին մեջ խրոխտ
մեզ մաքրակրօն-իսկ մեզմէ դուրս ամէն կարգ
վատ-հեթանոս կը կարծենք
Միլիոն անգամ միլիոն շողով աստղեր կան
մինչդեռ մենք
Երկու վտիտ մոմ կը վառենք եղեւինին վրայ-եւ
մենք մեզ փարոս կը կարծենք
Միլիոն անգամ միլիոն տարու աստղեր կան
մինչդեռ մենք
մէկ տարիէն միւս տարիին կ՛անցնինք-եւ
մենք մեզ հերոս կը կարծենք
Տւեզերքի պարապին դէմ ոզնի դարձած կա տեւենք-
այնքան եռուն է անջրպետն-ամէն ինչ
կլանող փոս կը կարծենք
Դեռ չենք սորվեր կարգն ու սարքը տիեզերքին-ամէն ինչ
տարտամ-քաոս կը կարծենք